Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութիւնը չի խոչընդոտեր ՀՀ վարչապետի ընտրութեան գործընթացին՝ քաղաքական միւս ուժերուն՝ «Ծառուկեան», ՀՅԴ եւ «Ելք» խմբակցութիւններուն կողմէ մէկ թեկնածուի առաջադրուելու պարագային: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ ԱԺ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք՝ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը: «Եթէ Ազգային ժողովի երեք քաղաքական ուժերը մէկ թեկնածու ունենան, մենք որեւէ խոչընդոտ չենք հանդիսանար թեկնածուին, որուն ժողովուրդին թեկնածուն կ’անուանեն»,- ըսաւ պատգամաւորը: «Այսինքն՝ քուէարկութեան բաւարար մասնակից կ’ապահովէ՞ք» հարցին Վահրամ Պաղտասարեանը պատասխանեց՝ «Այո՛»:
ՀՀԿ-ական պատգամաւորի խօսքով՝ առաջարկած են կանոնակարգուած ընտրութիւններու երթալու համար դադրեցնել հանրահաւաքներն ու ճամբաները փակելու ցոյցերը, որպէսզի չխաթարուի ժողովուրդի անդորրութիւնը: «Ա՛յդ եղած է մեր պայմանաւորուածութիւնը»,- աւելցուց Վահրամ Պաղտասարեանը:
Ան կոչ ըրաւ առանձին պատգամաւորներուն արտայայտած մտքերը որպէս անհատական կարծիք ընդունելու եւ վստահ ըլլալու, որ ՀՀԿ-ն միասնական դիրքորոշում կ’ունենայ: «Երբ խմբակցութիւնը հաւաքուի, որոշումը կը կայացնենք, ես առանց խմբակցութեան անդամներուն հետ հաւաքուելու որեւէ յայտարարութիւն չեմ ըներ: Իմ խմբակցութիւնս, ես ու բոլորս պայմանաւորուածութիւն ունինք, որ մեր որոշումը պէտք է միասնական ըլլայ»,-աւելցուց պատգամաւորը:
Այն հարցին, թէ ե՛րբ կ’ըլլայ խմբակցութեան հանդիպումը, Վահրամ Պաղտասարեանը պատասխանեց. «Թեկնածուներու պաշտօնական առաջադրումներէն ետք»:
Թեկնածուներու առաջադրման վերջնաժամկէտը Ապրիլ 30-ն է: Համաձայն «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 140-րդ յօդուածի 3-րդ մասի՝ վարչապետի ընտրութեան հարցը կը քննարկուի Մայիս 1-ին՝ ժամը 12:00-ին: