Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Խորհրդարան Հիւրընկալուած Են ՌԴ ԴԺ Դաշնութեան Խորհուրդի Եւ Պետական Տումայի Պատգամաւորները

ՀՀ Ազգային ժողով այցելած են ՌԴ Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի եւ Պետական տումայի պատգամաւորներ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցուցած են ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն, Ապրիլ 27-ին ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան ընդունած է ՌԴ պատգամաւորները:

Նոյն օրը ՌԴ Դաշնային ժողովի Պետական տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական միաւորման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ Լեոնիդ Քալաշնիքովի հետ հանդիպում ունեցած է ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեանը ու յանձնաժողովի անդամներ: Կայացած է նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի եւ ՌԴ Դաշնային ժողովի միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի համանախագահներ՝ Արտաշէս Գեղամեանի եւ Նիքոլայ Ռիժքովի ու յանձնաժողովի անդամներուն հանդիպումը:

Ապրիլ 28-ին ՌԴ ԴԺ Դաշնութեան խորհուրդի եւ Պետական տումայի պատգամաւորներուն հետ հանդիպած են նաեւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Երկօրեայ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու յառաջընթացին, միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի հետագայ գործունէութեան ու յառաջիկայ ծրագիրներուն առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, կարեւորուած է ստեղծուած իրադրութեան կարգաւորումը սահմանադրութեան եւ օրէնքներու ծիրին մէջ` ի շահ պետութեան կայունութեան ու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի բարօրութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին