Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Ապրիլ 24-ի Դասերը Սերտած՝ Դէպի Նոր Հորիզոններ

Հայոց Ցեղասպանութեան հերթական տարելիցը ոչ միայն յիշելու, սգալու, այլեւ համախմբուելու, նման ողբերգութիւնները կանխարգիլելու ուղղութեամբ ջանքերը ի մի բերելու խորհուրդը ունի:

Արցախի մէջ Մեծ Եղեռնին նուիրուած միջոցառումները Ապրիլ 23-ին սկսած էին՝ աւանդական ջահերթով: Ապրիլ 24-ին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Մեծ եղեռնը համայն հայութեան խոր ցաւն է ու չսպիացող վէրքը, որ կը պարտաւորեցնէ մեզ միշտ զգօն ու աչալուրջ ըլլալ, կարելին ընել հայոց անկախ պետականութեան շարունակական ամրապնդման ու զօրացման ուղղութեամբ: Ըլլալ կուռ, համախմբուած ու միասնական, հաւատալ ու ապաւինիլ սեփական ուժերուն՝ ամէն ինչէն վեր դասելով համազգային շահն ու արժէքները: Սա՛ է մեր ժողովուրդի յառաջընթացի միակ ճամբան, սա՛ է Հայոց Ցեղասպանութեան կարեւորագոյն դասը»:

Ապրիլ 24-ին կանուխ առաւօտեան Ստեփանակերտի յուշահամալիրը մարդաշատ էր: Յուշահամալիր շտապող հազարաւորներու շարքին էր նաեւ Յարութ Ադամանը, որուն արմատները կորսուած հայրենիքի մէջ են, յուշերը՝ եւս: «Իմ հօրս կողմը Խարբերդէն է, մօր կողմը՝ Զէյթունէն: 1915-ի դէպքերուն ժամանակ իրենք ոտքով հասած են Սուրիա, Սուրիայէն տեղափոխուած են Լիբանան»,- կը պատմէ Յարութ Ադամեանը: 25 տարի առաջ խարբերդցիի թոռնիկ Յարութ Ադամեանը Արցախ հաստատուեցաւ: Եւ արդէն 25 տարի շարունակ Ապրիլ 24-ին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մօտ ծաղիկներ կը խոնարհէ հազարաւոր արցախցիներու հետ: Անցնող տարիները ոչ թէ կորուստի ցաւը կը մեղմեն, այլ ընելիքները կը յստակացնեն: «Մենք հողեր ունինք, իրաւունքներ, մարդկային կեանքեր: Պարտաւոր ենք նաեւ յաջորդ սերունդին ուշադրութեան յանձնել, թէ ինչո՛ւ սկսած ենք եւ ո՛ւր կը տանի այս ուղին»,- կը կարեւորէ Արցախի ԱԺ պատգամաւոր Ռամելա Դադայեանը: Խարբերդցիի ծոռը՝ Սարին Ադամեանը, նոյնինքն Յարութ Ադամեանի 7-ամեայ դուստրը արդէն որոշած է, թէ ի՛նչպէս պիտի ուղղորդէ իր իսկ ճամբան: «Երբ մեծնամ, իմ պապերուս գիւղը պիտի երթամ»,- յուշահամալիրին մօտ ծաղիկներ խոնարհելէ ետք խոստացաւ եռագոյնը ուսերուն առած Սարինը: Դէպի յուշահամալիր երկարող հոսքին Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւս միացած են՝ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ: Երեք տարի առաջ՝ 2015 թուականին, Ցեղասպանութեան նահատակները սրբադասուած են: Արդէն երեք տարի Ապրիլ 24-ին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ ոչ թէ պարզապէս զոհերուն կը յիշեն, այլ երկու միլիոն սուրբերու բարեխօսութիւնը կը խնդրեն: Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ Արցախի թեմի առաջնորդին ձեռամբ եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ սուրբ նահատակներու յիշատակման կարգ: «Միասին կ’աղօթենք, որ իրենց բարեխօսութեամբ կայուն ըլլայ մեր հայրենիքը, հաստատուն ըլլայ Մայր Հայաստանը, ամէն հարց խաղաղութեամբ, իմաստութեամբ իր լուծումը գտնէ»,- Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ հաւաքուած բազմութեան յղած իր խօսքին մէջ նշած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը:

2018-ի Ապրիլ 24-ը լրացուցիչ նրբերանգներ ունի: Թեւան Պօղոսեանը Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մօտ ծաղիկներ խոնարհած է: Օրուան խորհուրդը ազգային միասնականութիւնը կը համարէ: «Մենք միասնական ենք եւ յիշելով մեր նահատակներուն՝ մտածենք Ապրիլի 25-էն սկսեալ նոր հնարաւորութիւնները ճիշդ ուղղութեամբ զարգացնել»,- կ’ընդգծէ Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի տնօրէն Թեւան Պօղոսեանը:

Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու համար Ստեփանակերտի յուշահամալիր էր նաեւ այս օրերուն աշխատանքային այցով Արցախ գտնուող Ապխազիայի արտաքին գործոց նախարար Տաուր Քովէն. «Ատիկա իսկապէս ողբերգական տարեթիւ է ոչ միայն հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, այլեւ ամբողջ մարդկութեան: Այսօր հայ ժողովուրդին կ’ուզեմ մաղթել, որ ծաղկին ու բարգաւաճին, ինչպէս նաեւ որ նման ողբերգական տարեթիւեր իրենց պատմութեան մէջ երբեք չըլլան»:

30 տարի առաջ արցախահայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ՝ նոյն այդ ցեղասպանութեան կրկնութիւնը թոյլ չտալու համար: Եւ այսօր ալ, սահմանները անառիկ պահելով եւ պետութիւն կառուցելով՝ Արցախը նաեւ ցեղասպանութեան վտանգին դէմ կը պայքարի: «Այն ինչին որ մենք կը ձգտինք՝ Արցախի միջազգային ճանաչումը, կ’աւելցնէ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու հնարաւորութիւնները, բայց առաջին տեղը ինքնապաշտպանուելու կարողութիւնն է»,- կարեւորած է Արցախի Աժ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին