Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

ԱՄՆ Յորդորած Է Հայաստանի Մէջ Բարեխիղճ Բանակցութիւններ Իրականացնել Սահմանադրութեան Հիման Վրայ

Միացեալ Նահանգները յորդորած է Հայաստանի իրադրութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն սահմանադրութեան հիման վրայ նոր կառավարութեան ձեւաւորման շուրջ բարեխիղճ բանակցութիւններ իրականացնել: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով՝ այս մասին կ’ըսուի Հայաստանի իրավիճակին վերաբերեալ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Հիզեր Նոյերթի յայտարարութեան մէջ: Կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ:

«Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ ուշադիր հետեւիլ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին: Որպէս Հայաստանի բարեկամ՝ մենք բոլոր կողմերուն կը յորդորենք բարեխիղճ բանակցութիւններ իրականացնել` սահմանադրութեան հիման վրայ նոր կառավարութեան ձեւաւորման շուրջ եւ հասնիլ այնպիսի հանգուցալուծման, որ կ’արտացոլէ ՀՀ բոլոր քաղաքացիներուն շահերը:

Մենք կը պաշտպանենք բոլոր կողմերուն միջեւ նախագահ Սարգսեանի աշխատակազմի շարունակական ջանքերը՝ ի նպաստ երկխօսութեան: Մենք կը շարունակենք գոհունակութեամբ արտայայտուիլ ցոյցերուն խաղաղ բնոյթին վերաբերեալ եւ համոզում կը յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն անվտանգութեան ուժերն ու խաղաղ ցոյցերուն իրենց իրաւունքը պաշտպանողները կը շարունակեն զերծ մնալ բռնութիւններէ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին