Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Քանյէ Ուեսթը Կրնայ Օգնել Թրամփին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու. «The Wichita Eagle»-ի Անդրադարձը

Քիմ Քարտաշեանի ամուսինը՝ ռեփեր Քայնէ Ուեսթը պէտք է օգտագործէ իր յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ՝ վերջինիս նպաստելու՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին ԱՄՆ Քանզաս նահանգի «The Wichita Eagle» մեծագոյն պարբերականին մէջ կը գրէ Մարկոս Քունալաքիսը «Քայնէ Ուեսթը կրնայ օգնել Թրամփին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու» խորագրով իր յօդուածին մէջ.

«Հայաստանը առաջին բանը չէ, որ կու գայ միտքդ, երբ կը մտածես Քանյէ Ուեսթի եւ Քարտաշեաններու մասին: Այդուհանդերձ, ճշմարտութիւն է, որ Քանյէն միշտ հոգ տարած է եւ երգած է արդարութեան մասին, իսկ իր ամերիկահայ ընտանիքը միշտ կարեւորած է աշխարհի մեծագոյն յանցագործութիւններէն ու անարդարութիւններէն մէկուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը»,- կը գրէ Քունալաքիսը:

Ան կ’ընդգծէ, որ Քայնէն պէտք է օգտագործէ իր նոր մտերմութիւնը նախագահ Թրամփի հետ՝ վերջինս դրդելու, որպէսզի կատարէ բան մը, որ մինչեւ օրս չէ կատարած ԱՄՆ որեւէ նախագահ՝ հրամանագիր ընդունիլ՝ հռչակելով 1915 թուականի իրադարձութիւնները որպէս աշխարհի առաջին Ցեղասպանութիւն: Հեղինակը կը նշէ, որ ԱՄՆ-ը պաշտօնապէս կը վերաբերի դէպքերուն որպէս «ցաւալի, տարաբախտ եւ ողբերգական» դէպքեր, սակայն չի ճանչնար որպէս Ցեղասպանութիւն:

Քունալաքիսը յիշել կու տայ, որ Քիմը եւ Քանյէն 2015 թուականին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ տարելիցին մեկնած էին Հայաստան: Ան կը նշէ, որ ժամանակակից Թուրքիան չի ցանկար յիշել այդ պատմական փաստին մասին եւ քրիստոնեայ հայերուն հետ տեղի ունեցածը կ’անուանէ որպէս Առաջին աշխարհամարտի դժբախտ հետեւանք եւ ոչ թէ արմատական կամ կրօնական զտում: Աւելին, այդ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը սպառնայ պատժել բոլոր այն երկիրները, որոնք պաշտօնապէս կը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը:

Հեղինակը կ’ընդգծէ, որ ԱՄՆ նախագահ Թրամփը չ’ընդունիր իր հասցէին կատարուող սպառնալիքները եւ մշտապէս հակում ունի ընել ամէն բան այլ կերպ՝ դէմ դուրս գալով աւանդոյթներուն:

Ան յիշել կու տայ, որ ԱՄՆ շուրջ 100 օրէնսդիրներ վերջերս նամակ գրեցին Թրամփին՝ կոչ ընելով հետեւիլ աշխարհի 29 երկիրներու եւ ԱՄՆ 48 նահանգներու օրինակին ու ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Եթէ օրէնսդիրները չեն կարենար համոզել Թրամփին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ իր լաւ ընկերներէն՝ Տեւին Նունեսը, որուն քաղաքական ապագան կախուած է Ֆրեզնոյի ամերիկահայ ընտրազանգուածի աջակցութենէն, չի կրնար ընել այդ մէկը, եւ եթէ Քանյէն ալ ի զօրու չէ ընել ատիկա, հապա ո՞վ: Թերեւս հիփ-հոփ ժանրի երաժիշտներ Քենտրիք Լամա՞րը կամ Նազօ Պրաւօ՞ն կարենան գտնել նախագահի սիրտը տանող ճիշդ ռիթմն ու խօսքերը: Ժամանակն է»,- եզրափակած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին