Հայաստանի խորհրդարանը վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկէ Մայիս 1-ին: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն, այդ մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեան:
«Համաձայն «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 140-րդ յօդուածի 3-րդ մասի՝ յայտարարում եմ, որ վարչապետի ընտրութեան հարցը կը քննարկուի Մայիս 1-ին՝ ժամը 12:00-ին, իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստում»,- ըսուած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տարածած յայտարարութեան մէջ:
ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեան հրաժարական տուած է: ՀՀ սահմանադրութեան համաձայն` ՀՀ վարչապետի հրաժարականէն ետք 7 օրուան ընթացքին Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները իրաւունք ունին ներկայացնել վարչապետի թեկնածուներ, որմէ ետք խորհրդարանին մէջ բաց անուանական քուէարկութեամբ տեղի կ’ունենայ վարչապետի ընտրութիւնը: