ՀՀ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արմէն Գէորգեան Ապրիլ 26-ի առաւօտեան մեկնած է Մոսկուա աշխատանքային քննարկումներ ունենալու նպատակով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով ՀՀ վարչապետի պաշտօնական կայքը, քննարկումները աւարտելէ ետք ան երեկոյեան վերադարձած է Երեւան: