Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը շփման գիծի տարբեր հատուածներու մէջ Ատրպէյճանի ուժերու եւ միջոցներու կուտակումներու ու տեղաշարժերու մասին վկայող տեսագրութիւններու նոր շարք մը հրապարակած է: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, նախարարութիւնը յորդորած է համացանցի մէջ հայ օգտատէրերը զերծ մնալու հանրապետութեան ռազմատեղեկատուական համակարգի կողմէ տարածուող պաշտօնական տեղեկութիւնները կասկածի տակ դնելու քայլերէն:
Կը ներկայացնենք նախարարութեան յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ.
«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը ցաւով կ՛արձանագրէ, որ որոշ հայ օգտատէրեր համացանցի տիրոյթի մէջ կը փորձեն կասկածի տակ դնել վերջին օրերուն արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդին կենդանի ուժու եւ զինամթերքի կուտակումներու ու տեղաշարժերու վերաբերեալ մեր կողմէ տեսագրութեամբ ապացուցուած հաղորդագրութեան իսկութիւնը: Նշուած օգտատէրերու «կասկածը փարատելու» համար ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը ներկայացնէ Ապրիլ 23-ի առաւօտեան ժամը 07.42-էն մինչեւ 10.01-ը արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի տարբեր հատուածներու մէջ հակառակորդին ուժերու եւ միջոցներու կուտակումներու ու տեղաշարժերու մասին վկայող տեսագրութիւններու հերթական շարքը:
«ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հայրենական բոլոր օգտատէրերը եւ, ընդհանրապէս` զանգուածային լրատուամիջոցներ ներկայացուցիչները կը յորդորէ զերծ մնալու հանրապետութեան ռազմատեղեկատուական համակարգի կողմէ տարածուող պաշտօնական տեղեկութիւնները կասկածի տակ դնելու եւ, ըստ այդմ` անհեռատես ու վտանգաւոր հետեւանքներով յղի ապատեղեկատուութիւններ տարածելու յանցաւոր գայթակղութենէն, քանի որ ատիկա կրնայ խարխլել մեր համազգային զգօնութիւնը: Գիտակցինք, որ այս չափազանց բախտորոշ ժամանակահատուածին մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրէն կը պահանջուի մեր գործողութիւններուն մէջ ըլլալ առաւելի քան պատասխանատու եւ քայլ կատարելէ առաջ մտածել Հայրենիքի պաշտպանութիւնը անխոցելի պահելու մասին»: