ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմը նոյնպէս հերքած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի հրաժարականի լուրը։ «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է «168.am»-ը։ «Քիչ առաջ մեզի հետ զրոյցի ընթացքին Կարէն Կարապետեանի հրաժարականի մասին լուրերը հերքեցին նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմէն»,- գրած է կայքը:
Աւելի կանուխ, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանը եւս հերքած է իր հրաժարականի լուրերը: «Յարգելի՛ քաղաքացիներ, իմ հրաժարականի մասին տեղեկատուութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ Ֆէյսպուքի իր էջին գրառում կատարած է Կարապետեանը:
Լուրերը ապատեղեկատուութիւն համարած էր նաեւ իր խօսնակը՝ Արամ Արարատեանը: Հակառակ այդ հանգամանքին՝ ապատեղեկատուութիւնը կը շարունակէր տարածուիլ: