Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Շարք Մը Բանակցութիւններ Վարած Է՝ Երկրին Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին եւ Վերջինէս Դուրս Գալու Ուղիներուն Շուրջ

Ընդառաջելով իրեն ուղղուած առաջարկին՝ Ապրիլ 25-ի ամբողջ օրուան ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շարք մը բանակցութիւններ վարած է խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հասարակական-քաղաքական գործիչներուն հետ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ վերջինէս դուրս գալու ուղիներուն շուրջ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն, քննարկումներուն ընթացքին բոլոր մասնակիցները համակարծիք եղած են, որ արծարծուած հարցերը պէտք է լուծուին սահմանադրութեան ծիրէն ներս՝ ներառելով սահմանադրական բոլոր գործընթացները, ընդհուպ մինչեւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները՝ անհրաժեշտութեան պարագային մինչ այդ փոփոխութիւններ կատարելով ընտրական օրէնսգիրքին եւ սահմանադրութեան հետ կապուած օրէնքներուն մէջ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին