Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Վերանորոգեց Նահատակներու Պատգամը Հետապնդելու Իր Ուխտը

Ապրիլ ամիսը  նահատակներու  յիշատակի  ոգեկոչման, յոյսի  վերանորոգման  խորհրդանիշ է հայ ժողովուրդին համար:

ՀԲԸՄ – ՀԵԸնկերակցութիւնը  նախորդ տարիներուն նման այս տարի եւս հանդիսաւորապէս  ոգեկոչեց  Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:

Երեքշաբթի, 24  Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸնկերակցութեան տարբեր մասնաճիւղերը  ներկայացնող  սկաուտական, երիտասարդական,  համալսարանական, մշակութային, մարզական, կրթական մարզերու  վարչական-վարչականուհիներ, անդամներ, միութենականներ,  համակիրներ, ՀԵԸ Անդրանիկ-Անթիլիասի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւանի սկաուտական   շարժումներու խմբապետական կազմերու, սկաուտական խմբակներու  մասնակցութեամբ,  ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ»  փողերախումբի  գլխաւորութեամբ,  ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ,  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն  տողանցեցին  դէպի  Անթիլիասի մայրավանք: Ճանապարհին վրայ  փողերախումբը   նուագեց  ազգային հայրենասիրական  երգեր:

Մայրավանքին մէջ,  ի ներկայութիւն  Լիբանանի մէջ  Հայաստանի  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեանի, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի,  պետական  նախարարներու, երեսփոխաններու, հայ  քաղաքական կուսակցութեանց, հասարակական, մարզական, մշակութային  կազմակերպութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներու,  տեղի ունեցաւ  Հայոց Ցեղասպանութեան  նահատակներու յիշատակին   Սուրբ  պատարագ  եւ հոգեհանգստեան  պաշտօն, որմէ ետք  կատարուեցաւ    ծաղկեպսակներու զետեղում:  Յանուն ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին՝  Վիգէն Չերչեան  եւ  Սիլվա Լիպարիտեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան՝ Վաչէ Մելքոնեան եւ Կերրի Ֆեթէլ, ՀԵԸ-ի  Ասպետներու Խմբակցութեան՝ Արթուր Գունտաքճեան եւ  Պօղոս Վանլեան,  ՀԲԸՄ-ի  Լիբանանի  Տիկնաց  Համախմբումի` Շողիկ Պաղտասարեան, Շողիկ Պաղտոյեան եւ Գալին Եաւըրեան, ծաղկեպսակներ զետեղեցին   մայրավանքի  Նահատակաց  մատուռին առջեւ:

Այս միջոցին ՀԵԸ-ի  «Անդրանիկ»  փողերախումբը  նուագեց Շոփէնի  «Մահերգը» եւ օրուան  խորհուրդին պատշաճ  կտորներ:   

Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբը, ՀԵԸ-ի սկաուտական զոյգ   շարժումները, ՀԵԸ «Անդրանիկ» փողերախումբին ընկերակցութեամբ  օթոպիւսներով  ուղղուեցան  Ժաաթաուի՝  Հայ  Կաթողիկէ Պատրիարքարան: Ժաաթաուիի գլխաւոր  ճանապարհէն  տողանցելով՝  մեր փողերախումբը եւ սկաուտական կազմերը  մուտք գործեցին  պատրիարքարանի  շրջափակը՝ տարածուելով Նահատակաց  Յուշարձանին  շուրջ:  Փողերախումբը յաջորդաբար  նուագեց  Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի քայլերգերը եւ այլ  կտորներ:

Կաթողիկէ  Պէյրութի  պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս, արհիապատիւ հայր  Գէորգ եպս. Ասատուրեան բարի գալուստ  մաղթեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  սկաուտական շարժումին, ՀԵԸ Անդրանիկ  փողերախումբին՝ շեշտելով, որ պատրիարքարանը կը մնայ  պահանջատէր  հայութեան տունը:

Յանուն ՀԵԸ-ի՝  օրուան խօսքը  փոխանցեց  ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեանը: Ան  ըսաւ, թէ թանգարանի մէջ  միայն մէկ հայ իբրեւ նմոյշ   պահելու  ծրագիրը  դատապարտուեցաւ  ձախողութեան, վկայ՝  աշխարհացրիւ պահանջատէր հայ ժողովուրդը, որ  հայրենիքէն սփիւռք կ’ոգեկոչէ  իր նահատակներուն յիշատակը՝ յանձնառու մնալով  անոնց  կտակին: Այս առիթով, ան  շեշտեց, որ  Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը հպարտ, անխախտ եւ աննկուն քայլերով  եկած է պատրիարքարան՝ վերանորոգելու ՀԲԸՄ-ի հիմնադիրներուն միասնութեան ուխտը եւ այդ ճանապարհով շարունակելու  հայապահպանումի իր առաքելութիւնը:

Ապա ՀԵԸ  Անդրանիկ-Անթիլիասի  Գործադիր Վարչութեան ատենապետ  եղբ. Գրիգոր Քէշիշեան, ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւանի Գործադիր Վարչութեան ատենապետ եղբ. տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի անունով  ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ:

Կէսօրէ ետք, ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումը եւ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբը, տոքթ. Սահակ Թաշճեանի գլխաւորութեամբ   բարձրացան Պըքերքէ, ուր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի անունով  ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Պքերքէի յուշակոթողին առջեւ:

ՀԵԸ-Ի  ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին