ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սարգսեան, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան, կառավարութեան անդամներ, ԱԺ պատգամաւորներ, այլ պաշտօնեաներ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Անմար կրակի մօտ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հոգեւոր դասը, հաւաքուածները գլուխ խոնարհեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը:
Ծիծեռնակաբերդին մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են նաեւ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչները, Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հայրենակցական միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ: