Հինգշաբթի, 17. 07. 2025

spot_img

Վարչապետին Կը Փոխարինէ Առաջին Փոխվարչապետը. Տեղի Ունեցած Է Կառավարութեան Արտահերթ Նիստ

ՀՀ վարչապետի լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան պարագային վարչապետին կը փոխարինէ առաջին փոխվարչապետը: Ապրիլ 23-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ կառավարութեան արտահերթ նիստ, որ վարեց առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով ՀՀ կառավարութեան պաշտօնական կայքը, հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.

«Արտահերթ նիստին՝ համաձայն «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7-րդ յօդուածի 14-րդ մասի եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը՝ փաստեց վարչապետի կողմէ իր լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 2018 թուականի Ապրիլ 21-ի՝ «Վարչապետի բացակայութեան եւ լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան պարագաներուն վարչապետին փոխարինելու կարգը սահմանելու մասին» N 412-Լ որոշման յաւելուածի 5-րդ կէտի համաձայն՝ վարչապետի լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան պարագային վարչապետին կը փոխարինէ առաջին փոխվարչապետը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին