Ուրբաթ, 08. 11. 2024

spot_img

Երեւանի Պետական Համալսարան – Պէյրութ Կը Գտնուի ԵՊՀ Հայագիտական Հետազօտութիւններու Հիմնարկի Պատուիրակութիւնը (Օր Առաջին)

*ՄԻԼԵՆԱ ՄԿՐՏՉԵԱՆ* 
ԵՊՀ լրագրութեան բաժնի 2-րդ դասընթացքի ուսանողուհի

Երեւանի Պետական համալսարանը աշխուժօրէն կը շարունակէ համագործակցութիւնը սփիւռքի հայ համայնքներուն հետ, որուն վառ ապացոյցը ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի եօթնամեայ համագործակցութեան փորձն է Լիբանանի հայ համայնքին հետ:

Գործակցութեան պատմութեան մէջ նոր էջ բացուեցաւ Ապրիլ 21-ին ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան՝ Պէյրութ կատարած այցով: Պատուիրակութիւնը կազմուած է ՀՀԻ «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրի հինգ եւ ՀՀԻ հետ գործակցող ԵՊՀ լրագրութան բաժնի երկու ուսանողներէ: Յովհաննիսեանի հրաւէրով՝ Լիբանանի հայ երիտասարդական կառոյցներու հետ գործակցային կապեր հաստատելու նպատակով՝ պատուիրակութեան միացած էր նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան Տոնի Ռոսթովի «Տոնի հայ երիտասարդների միութեան» ղեկավար Գէորգ Գրիգորեանը:

Մէկ շաբաթեայ գործուղղման յագեցած ծրագիրի ընթացքին համալսարանականները տարբեր հանդիպումներու եւ այցելութիւններու ատեն շփում պիտի ունենան հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ՝ աւելի սերտացնելով կապը եւ համագործակցութիւնը լիբանանաբնակ երիտասարդներու հետ: ՀՀԻ «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրի ուսանողները պիտի դասաւանդեն Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ Հայ դատի մասին տեղի Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Միացեալ վարժարանի եւ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Պիտի կայանան մասնագիտական դաշտի ճանաչողական հանդիպումներ Հայկազեան համալսարանի մէջ, ուր Մ. Յովհաննիսեանը հանդէս պիտի գայ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման նախադրեալներու հարցին շուրջ: Լրագրողները փորձառութիւն ձեռք պիտի բերեն Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի մէջ: Անոնք առիթը պիտի ունենան նաեւ այցելելու «Ազդակ»-ի խմբագրութիւն եւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի ընկերութիւն՝ այսպիսով ունենալով մասնագիտական միջազգային փորձուսում:

Նշենք, որ կը նախատեսուին շարք մը հանդիպումներ, քննարկումներ՝ նաեւ կլոր սեղան ձեւաչափով:

Այցելութեան առաջին օրը՝ Ապրիլ 21-ին, պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցաւ Պէյրութի Սուրբ Ժոզէֆ եկեղեցւոյ մէջ (St. Joseph) Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին ընդառաջ կազմակերպուած համերգին: ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբին կատարողութեամբ հնչեցին ազգային եւ դասական երգեր ու նուագներ: Համերգը նախաձեռնութիւնն էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական Վարչութեան, հովանաւորութիւնը կը վայելէր ԹՄՄիութեան Հիմնադիրներու Մարմնին ու օժանդակութիւնը՝ «Զարթօնք» օրաթերթին:

 

 

Պատուիրակութիւնը Պէյրութի մէջ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝  անգամ մը եւս ապացուցելով, որ Հայրենիք-Սփիւռք կապը անխզելի է. հեռաւորութիւնը չի կրնար խանգարել երկու տարբեր վայրերու մէջ ապրող հայ երիտասարդներու միաւորումն ու համագործակցութիւնը:

(Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Յարութ Կիւլիւզեան)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին