ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրերով նշանակուած են ՀՀ առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, սփիւռքի, ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարները:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքը, ՀՀ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնին վերանշանակուած է Լեւոն Ալթունեանը, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնին Արտեմ Ասատրեանը, Սփիւռքի նախարարի պաշտօնին՝ Հրանուշ Յակոբեանը, ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի պաշտօնին՝ Աշոտ Մանուկեանը: