Սիրելի ընթերցող բարեկամ, սիրելի քուէարկող,
Շրջանէ մը ի վեր աշխուժացած է լիբանանահայ կեանքը՝ լիբանանեան ընդհանուր եռուզեռին հետ մէկտեղ: Պատճառը Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններն են, որոնք բաւական ձգձգումներէ ետք ահա պիտի կայանան Մայիս 6-ին:
Դուն ալ ինծի պէս ականջալուր եւ ականտես կը դառնաս ընտրական տեսարաններու, ուր ընտրական «կախարդներ» կը ջանան իրենց թեկնածուին սատարել, կամ իրենց թեկնածուին համար քու ձայնդ ունենալ: Յաճախ այդ «կախարդները» նոյնինքն թեկնածուներն են:
Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները միշտ ալ խաղքութիւններ ունեցեր են. երբեմն այդ ծուռութիւններուն «օգներ են» պետական մեքենաները, երբեմն օտար ուժեր, երբեմն բիրտ ուժը, ահը, երբեմն թեկնածուներուն ետին պահուըտած այլեւայլ նպատակներ… մինչեւ իսկ օտար պետութիւններ միջամտած են Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Լիբանանահայ պատմաբան դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին համապատասխան գիրքը բաւական շատ բան կ’ըսէ այդ մասին:
Ներկայ ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքներուն դրսեւորումներն ալ շատ չեն տարբերիր նախորդներէն: Երբեմն արտառոցութիւնը աւելի կը շատնայ, նոր ձեւեր կը հնարէ ու նոր հանդերձանքներով կամ տարազումներով կը մատուցուի, բայց նպատակը մէկ է՝ ի՛նչպէս տիրանալ քու քուէիդ:
Ճիշդ է, նպատակը ընտրողին քուէին հասնիլն է, բայց միշտ չէ որ «նպատակը կ’արդարացնէ միջոցը»: Այսինքն՝ քուէին տիրանալու համար ճիշդ չէ, որ ամէն միջոցի դիմուի:
Մանրամասնեմ.-
Ոմանց քով կը դրսեւորուի պարտադրանքի երեւոյթը. ընտրողին կը պարտադրեն, որ այսինչին եւ այսինչ ցանկին քուէարկեն:
Ոմանց քով կը դրսեւորուի կաշառքի երեւոյթը. ընտրողին գումար կը խոստացուի:
Ոմանց քով կը դրսեւորուի անուղղակի կաշառքը, որուն երեւոյթներէն է գրասենեակներու ներկայացուցիչներու (մանտուպ) վճարումը:
Ոմանց քով կը դրսեւորուին յաւելեալ բարեկամութեան ու ազնուութեան երեւոյթներ:
Չեմ ուզեր մտմտալ, թէ այդպիսի երեւոյթները ի՛նչ կը դարձնեն քուէարկողը՝ խլելով ազատ մտածելու, ազատ որոշելու անոր իրաւունքը:
Յամենայնդէպս, սիրելի քուէարկող, իմ կոչս-իմ փափաքս պիտի ըլլայ, որ դու՛ն մտածես, ո՛ւժ տաս քու տրամաբանութեանդ, կշիռքին նժարին դնես քո՛ւ արժեհամակարգդ եւ տեսնես, թէ ո՛ր թեկնածուներուն խօսքերը, ո՛ր թեկնածուներուն նախաընտրական գործունէութիւնները ամենամօտն են քու արժեհամակարգիդ եւ ըստ այդմ քուէարկես:
Քուէարկէ՛ քու համոզումովդ: Յիշէ՛՝ քսանմէկերորդ դարու երկրորդ տասնամեակն ենք, ուր որքա՛ն զօրաւոր են ազդեցութիւնները, նո՛յնքան զօրաւոր են ազատ մտածելու միջոցները:
Համոզուա՛ծ քուէարկէ եւ ես շահած կ’ըլլամ, որովհետեւ իմ ընտրապայքարիս գլխաւոր նպատակներէն մին այն է, որ դուն քու ազա՛տ որոշումդ առնես եւ գործադրես:
ԱԼԻՆԱ ԿԻՒԼՎԱՆԷՍԵԱՆ–ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու