Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Փաշինեանի Դիրքորոշումը Ի Սկզբանէ Ապակառուցողական Էր Եւ Պայմանաւորուելու Ցանկութիւն Չենթադրող. Կարէն Կարապետեանի Յայտարարութիւնը

ՀՀ առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեան անդրադարձած է Ապրիլ 22-ին Երեւանի մէջ ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումին՝ արձանագրելով, որ Փաշինեանի դիրքորոշումը ի սկզբանէ ապակառուցողական էր եւ պայմանաւորուելու ցանկութիւն չենթադրող: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Մենք բոլորս` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներս, յոյսով էինք, որ այսօրուայ բանակցութիւնների արդիւնքում լուծումներ կը գտնենք ստեղծուած իրավիճակից դուրս գալու համար։ Ցաւօք, կողմերից մէկը` Պարոն Փաշինեանը, եկել էր ոչ թէ բանակցելու, այլ իր պայմանները թելադրելու։ Այս իրավիճակում երկխօսութիւնը չէր կարող արդիւնքներ տալ, քանի որ կողմերից մէկի դիրքորոշումն ի սկզբանէ ապակառուցողական էր, պայմանաւորուելու ցանկութիւն չենթադրող։

Դիմում եմ բոլոր քաղաքական ուժերին, ՀՀ քաղաքացիներին, որպէսզի դրսեւորեն զգօնութիւն եւ սթափութիւն: Մեր գերնպատակը շարունակում է մնալ երկրի կայունութիւնը եւ դրա համար անհրաժեշտ լուծումների ապահովումը, երկրի բնականոն կեանքը չխաթարելը»,- կ’ըսուի Կարէն Կարապետեանի յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին