Պաշտպանութեան բանակը համալրուած է նոր զրահամեքենաներով, կատարուած են կառուցուածքային փոփոխութիւններ եւ փոխարինուած են սպառազինութեան որոշ տեսակներ, որ աւելցուցած է բանակին մարտական հզօրութիւնը:
Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, Ապրիլ 19-ին կայացած խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին ամէնամեայ զեկոյցը ներկայացնելու ժամանակ յայտարարած է Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:
Նախագահի խօսքով՝ անցեալ տարուան ընթացքին բաւական մեծ թափով շարունակուած է բանակաշինութեան գործընթացը բոլոր անհրաժեշտ ուղղութիւններով՝ ռազմաճարտարագիտական, քաղաքական, գաղափարախօսական, ընկերա-տնտեսական եւ այլ քայլերու իրականացումով: «Խօսելով ռազմաճարտարագիտական բաղադրամասի մասին՝ կ’ուզեմ նշել, որ համալիր աշխատանքներ կատարուած են բանակի սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու արդիականացման ու համալրման ուղղութեամբ:
Պաշտպանութեան բանակը համալրուած է նոր զրահամեքենաներով, կատարուած են կառուցուածքային փոփոխութիւններ եւ փոխարինուած են սպառազինութեան որոշ տեսակներ, որ աւելցուցած է բանակի մարտական հզօրութիւնը:
Սկիզբ դրուած է ռազմական արդիւնաբերութեան, տեղւոյն վրայ պատրաստուած են սպառազինութեան նոր նմոյշներ, մէկ մասին վրայ դեռ աշխատանքներ կը տարուին:
Շարունակուած է դիտարկման համակարգի արդիականացումը: Ներկայ դրութեամբ՝ պաշտպանական շրջաններուն մէջ տեղադրուած ջերմատեսիլ դիտարկման համակարգերու տեսադաշտի ծածկոյթը կը բաւարարէ խնդիրին կատարումը: Մեծ թափով կը շարունակուի կապի համակարգի արդիականացման գործընթացը, մասնաւորապէս տեսամանրաթելային կապի զարգացումը»,- ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:
Խօսելով ճարտարագիտական ամրակառոյցներու զարգացման մասին՝ Բ. Սահակեան նշած է, որ այդ ուղղութեամբ եւս լուրջ տեղաշարժ արձանագրուած է:
Առաջնագիծին վրայ եւ պաշտպանութեան խորքին կառուցուած են ճանապարհներ եւ փոս-ճանապարհներ, որոնք կը նպաստեն մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանի բերման ժամանակացոյցերու կրճատման:
«Ճարտարագիտական լայնածաւալ աշխատանքներ իրականացած են նաեւ բանակային բնագիծի զարգացման ու պաշտպանութեան շրջաններու կահաւորման ուղղութեամբ: Անոնց կազմակերպման համար ձեռք բերուած են համապատասխան սարքեր, կառուցուած են ապաստարաններ եւ կատարուած են մեծ քանակով հողափոր աշխատանքներ: Ծրագրաւորուած են քայլեր՝ պաշտպանուած ղեկավարման կէտերու սարքաւորման ուղղութեամբ:
Հակառակորդի յարձակողական հետախուզական խումբերու ոչնչացման նպատակով՝ մարտական դիրքերու մէջ տեղադրուած են հեռակառավարուող խոցման միջոցներ: Անոնց մէկ մասը համակցուած է ջերմատեսիլ դիտարկման համակարգի հետ»,- ընդգծած է նախագահը եւ աւելցուցած, որ պաշտպանութեան բանակը իր առջեւ դրուած խնդիրները եւ, առաջին հերթին, պետական սահմանի անառիկ պահպանութիւնը կատարած է ու կը կատարէ ամբողջութեամբ, որ կը պահանջէ լարուած ու նպատակասլաց աշխատանք: