ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիրեր ստորագրած է ՀՀ Արդարադատութեան, Արտակարգ Իրավիճակներու, Գիւղատնտեսութեան եւ Մշակոյթի նախարարներ նշանակելու մասին:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմէն, Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնին վերանշանակուած է Դաւիթ Յարութիւնեան, Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարի պաշտօնին՝ Դաւիթ Տօնոյեանը, Գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնին՝ Իգնատի Առաքելեան, Մշակոյթի նախարարի պաշտօնին՝ Արմէն Ամիրեան:
ՀՀ նախագահը նշանակումները կատարած է՝ հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 150-րդ յօդուածին: