Կիրակի, 20. 07. 2025

spot_img

Մեսրոպեանը Յանձնեց «Բանակցող Աշակերտներու» Երկրորդ Հունձքը

19 Ապրիլ 2018-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 7-րդ դասարանի 14 աշակերտներ ստացան իրենց «Բանակցող Աշակերտ»-ի        (élève médiateur) վկայականները՝ աւարտած ըլլալով նոյնանուն դասընթացքը՝ կազմակերպութեամբ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ (USJ) համալսարանին:

Վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը կայացաւ վարժարանի «Ֆարաճեան» հանդիսասրահին մէջ՝ ներկայութեամբ յիշեալ ծրագրի ղեկավար դոկտ. Ժոհաննա Հաուարի Պուրժէյլիի եւ Պէյրութի շրջանի դպրոցներուն մէջ նոյն ծրագրի համադրող օրդ. Թամար Թիւֆէնքճեանի:

«Բանակցող Աշակերտներ» ծրագիրը Մեսրոպեանի մէջ կը գործադրուի 2 տարիէ ի վեր. անոր նպատակն է աշակերտները վարժ դարձնել տագնապներու ժամանակ գործնական լուծումներ գտնելու, յատկապէս իրենց ընկերական շրջանակին մէջ, այդպիսով դառնալու համար ազդու դերակատարներ՝ միջանձնային յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ: Ցարդ Մեսրոպեանի 90 աշակերտներ մասնակցած են այս դասընթացքին, որոնցմէ 27-ն, քննութիւնները յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, ստացած են համանուն վկայական:

Խօսք առնելով հանդիսութեան ընթացքին՝ դոկտ. Պուրժէյլի բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան յանձնառութիւնը՝ մասնագիտական եղանակով նպաստելու աշակերտներու ընկերային դերակատարութեան զարգացումին եւ դրուատեց աշակերտներու ջանասիրութիւնը՝ դասընթացքներուն մասնակցելու: Մեսրոպեանի տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստ իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Սէն Ժոզէֆ համալսարանի համապատասխան կեդրոնին՝ աշակերտներու դաստիարակութիւնը բարձր մակարդակով կատարած ըլլալուն համար եւ վերահաստատեց, որ Մեսրոպեանը պիտի շարունակէ համագործակցիլ համալսարանին հետ ինչպէս աշակերտներու, նոյնպէս եւ ուսուցիչներու զարգացման ծրագիրներու առումով:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին