Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Երեւանը Եւ Լիոնը Կապուեցան Ուղիղ Չուերթով

Երեւանը եւ Լիոնը կապուեցան ուղիղ չուերթով: «Արմէնիա» օդանաւային ընկերութեան կողմէ իրականացուող առաջին կանոնաւոր թռիչքը կայացաւ Ապրիլ 19-ին:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին այս  մասին տեղեկացուցած է ՀՀ քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան մամուլի քարտուղար Սաթենիկ Յովհաննիսեանը: «Երեւան-Լիոն ուղղութեան կը սպասարկէ միայն «Արմէնիա» ընկերութիւնը»,- ըսած է Սաթենիկ Յովհաննիսեանը՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային այլ ընկերութիւններու կողմէ եւս նոր ուղղութիւններ կը սպասուին։

Երեւան-Լիոն կանոնաւոր չուերթներ կ’իրականացուին շաբաթական երկու անգամ՝ ամէն Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին