«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն 220,000 ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ 2017-2018 տարեշրջանին։ 2015 թուականին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Լիբանանի Հայեցի Դաստիարակութեան Յատուկ Նշանակութեան Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ իրագործուած ինքնագնահատումի ծրագրին մասնակցած 23 վարժարաններէն այսօր 17 հատը կը գործեն, ուստի ասոնց միջեւ պիտի բաժնուի նշանակուած գումարը, ըստ ամէն մէկուն աշակերտութեան թիւին։
Նկատի ունենալով Լիբանանի խորհրդարանին վերջերս վաւերացուցած օրէնքը՝ ըստ որուն բոլոր վարժարանները պէտք է կիրարկեն ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներ եւ գիտակցելով հայկական վարժարաններուն պարտաւորութիւնն ու դժուարութիւնը լիովի գործադրելու այս նոր օրէնքը, Հիմնարկութիւնը կը նախընտրէ իր նպաստը յատկացնել հայերէն լեզուով դասաւանդող ուսուցիչներու ամսականներուն հասանելի յաւելումին։
Գումարին փոխանցումը պիտի կատարուի Ապրիլ ամսուան ընթացքին։