Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Պաշտպանութեան Բանակը Համալրուած Է Նոր Զրահամեքենաներով. Նախագահ Սահակեան

Պաշտպանութեան բանակը համալրուած է նոր զրահամեքենաներով, կատարուած են կառուցուածքային փոփոխութիւններ եւ փոխարինուած են սպառազինութեան որոշ տեսակներ, որ աւելցուցած է բանակին մարտական հզօրութիւնը:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, Ապրիլ 19-ին կայացած Խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին ամէնամեայ զեկոյցը ներկայացնելու ժամանակ յայտարարած է Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

Նախագահի խօսքով՝ անցեալ տարուան ընթացքին բաւական մեծ թափով շարունակուած է բանակաշինութեան գործընթացը բոլոր անհրաժեշտ ուղղութիւններով՝ ռազմաճարտարագիտական, քաղաքական, գաղափարախօսական, սոցիալ-տնտեսական եւ այլ քայլերու իրականացումով: «Խօսելով ռազմաճարտարագիտական բաղադրամասի մասին՝ կ’ուզեմ նշել, որ համալիր աշխատանքներ կատարուած են բանակի սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու արդիականացման ու համալրման ուղղութեամբ:

Սկիզբ դրուած է ռազմական արդիւնաբերութեան, տեղւոյն վրայ պատրաստուած են սպառազինութեան նոր նմոյշներ, մէկ մասին վրայ տակաւին աշխատանքներ կը տարուին:

Շարունակուած է դիտարկման համակարգի արդիականացումը: Ներկայ դրութեամբ՝ պաշտպանական շրջաններուն մէջ տեղադրուած ջերմատեսիլ դիտարկման համակարգերու տեսադաշտի ծածկոյթը կը բաւարարէ խնդիրին կատարումը: Մեծ թափով կը շարունակուի կապի համակարգի արդիականացման գործընթացը, մասնաւորապէս տեսամանրաթելային կապի զարգացումը»,- ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:

Խօսելով ճարտարագիտական ամրակառոյցներու զարգացման մասին՝ Բ. Սահակեան նշած է, որ այդ ուղղութեամբ եւս լուրջ տեղաշարժ արձանագրուած է:

Առաջնագիծին վրայ եւ պաշտպանութեան խորքին կառուցուած են ճանապարհներ եւ փոս-ճանապարհներ, որոնք կը նպաստեն մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանի բերման ժամանակացոյցերու կրճատման:

«Ճարտարագիտական լայնածաւալ աշխատանքներ իրականացած են նաեւ բանակային բնագիծի զարգացման ու պաշտպանութեան շրջաններու կահաւորման ուղղութեամբ: Անոնց կազմակերպման համար ձեռք բերուած է համապատասխան սարքեր, կառուցուած են ապաստարաններ եւ կատարուած են մեծ քանակով հողափոր աշխատանքներ: Ծրագրաւորուած են քայլեր՝ պաշտպանուած ղեկավարման կէտերու սարքաւորման ուղղութեամբ:

Հակառակորդի յարձակողական հետախուզական խումբերու ոչնչացման նպատակով՝ մարտական դիրքերու մէջ տեղադրուած են հեռակառավարուող խոցման միջոցներ: Անոնց մէկ մասը համակցուած է ջերմատեսիլ դիտարկման համակարգի հետ»,- ընդգծած է նախագահը եւ աւելցուցած, որ պաշտպանութեան բանակը իր առջեւ դրուած խնդիրները եւ, առաջին հերթին, պետական սահմանի անառիկ պահպանութիւնը կատարած եւ կը կատարէ ամբողջութեամբ, որ կը պահանջէ լարուած ու նպատակասլաց աշխատանք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին