Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Մարդոց Իրաւունքները Առաջնակարգ Են, Սակայն Պէտք Է Իրականացուին Տրամաբանութեան Սահմաններուն Մէջ. Սերժ Սարգսեան

Մարդոց իրաւունքներն ու ազատութիւնները առաջնակարգ են, գոնէ մեր պատկերացումները այդպէս են: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեանը «Շանթ» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք հանրահաւաքային աշխուժութիւնը կ’ազդէ՞ երկրի տնտեսական զարգացման վրայ:

«Այդ առաջնային իրաւունքները, եթէ իրապէս իրականացուին տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ, որեւէ ձեւով խոչընդոտ չեն հանդիսանար տնտեսական զարգացման: Սակայն երբ անոնք անհամաչափ կը դառնան, երբ անոնք խցանումներու կը վերածուին Երեւանի մէջ, ապա Դուք ինչ կը կարծէք՝ ատիկա կրնա՞յ արդեօք դրականօրէն ազդել»,- նշած է Սերժ Սարգսեան:

Իր խօսքով՝ վերջին տարիներուն Հայաստանը միայն մէկ հանգիստ տարի ունեցած է, երբ արտաքին եւ ներքին անկայունութիւն չէ եղած: «Միակ տարին, թերեւս, 2017-ն է, երբ փողոցներուն վրայ ժողովներ չկային, զբօսաշրջիկները կրնային հանգիստ գալ Երեւան, իսկ ներդրողները գալ ու ներդրումներ ընել: Միակ տարին էր, եւ այդ տարին մենք ունեցած ենք 7.5 տոկոս տնտեսական աճ: Մեզի ընդամէնը մի քանի տարի պէտք է, մի քանի տարի, որպէսզի այս տնտեսական աճը մարդոց համար շատ աւելի շօշափելի ըլլայ: Ճիշդ է, դարձեալ դժգոհութիւն պիտի ըլլայ, որովհետեւ մարդը ինչքան աւելի լաւ սկսի ապրիլ, պահանջները այդքան պիտի մեծնան: Բայց խնդիրը անիկա է, որ մենք այնպիսի նուազագոյն մակարդակի հասնինք, որով գոնէ իրենց ցանկութիւններու կէսը կարենան իրականացնել մարդիկ: Ասիկա է ամբողջ խնդիրը»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին