Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Մայիս 7-ին պիտի իրականացնէ «Հերոսներու հետքերով» հայրենասիրական դասարշաւ` նուիրուած Հայրենական Մեծ պատերազմի յաղթանակի 73-րդ, Արցախի ՊԲ կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրման 26-րդ տարեդարձներուն:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրես»-ի, ըսած է Արցախ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան երիտասարդութեան հարցերու մասնագէտ Անի Կապլանեանը:
Անոր խօսքով` երիտասարդները արշաւով պիտի անցնին այն նոյն չորս ուղղութիւններով, որոնցմով ազատագրուած է Շուշին` արեւելեան` Շոշ-Շուշի, կեդրոնական` Ստեփանակերտ-Շուշի մայրուղի, արեւմտեան` Կրկժան-Շուշի եւ հիւսիսային` Քիրսաւան-Շուշի:
Ան նշած է, որ Շուշի հասնելէ ետք բերդաքաղաքի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ բակը մասնակիցները պիտի պարզեն եռագոյնը, այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ շուրջպար, որմէ ետք երիտասարդները պիտի ստանան հոգեւոր հօր օրհնութիւնը:
«Եկեղեցւոյ մէջ մոմավառութենէ ետք արշաւի մասնակիցները ինքնաշարժներով պիտի տեղափոխուին Հունոտի կիրճ արգելոցի Կատարօտ (Ջդրդուզ) հատուած, ուր պիտի կազմակերպուի մշակութային եւ ժամանցային ծրագիր»,- աւելցուցած է Կապլանեան եւ նշած, որ ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 16-30 տարեկան, ֆիզիքապէս առողջ երիտասարդներ:
Մասնակցութեան համար ցանկացողները կրնան անցնիլ հետեւեալ յղումով` https://docs.google.com/forms/d/1eYWw69SFBnBwSa87FiKjy8HznGDzHoVL5qKSRNS3zDk/viewform?edit_requested=true :
Նշենք, որ ծրագիրին մասնակցելու յայտերը կ’ընդունուին մինչեւ Ապրիլ 25-ը ներառեալ: