Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Անհատները Թող Խօսին Իրենց Անունով Միայն

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Վերջերս երեւոյթ դարձած է խելքը փչող անհատին՝ Սփիւռքի անունով հանդէս գալ կարծիք մը կամ կեցուածք մը դրսեւորելու Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան առնչուած, եւ երանի թէ տուեալ կարծիքն ու կեցուածքը ըլլան դրական:

Յաչս միջազգային ընտանիքին, Հայաստանի պետականութեան վարկն ու հանգամանքը մրոտող որեւէ կարծիք կամ կեցուածք ո՛չ միայն այպանելի է, այլեւ նման արարքով հանդէս եկողը դատապարտելի է ամէն իմաստով:

Խօսքի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ետին թաքնուած խնդրոյ առարկայ այս անհատները պէտք է նուազագոյնը իմանան, որ իրենք լաւագոյն պարագային իրենց անձն է, որ կը ներկայացնեն: Սփիւռքի քաղաքական կեցուածքին մասին արտայայտուելու միակ տրամաբանական ու առողջ կողմը զայն ներկայացնող կուսակցութիւններն են: Հետեւաբար այդ անհատները ոչ միայն կը հակադրուին Հայրենի պետութեան, այլ նաեւ Սփիւռքի աւանդական կուսակցութիւններուն, որոնք լաւ գիտեն Սփիւռքի քաղաքականութիւնը տարանջատել Հայաստանի ներքին քաղաքականութենէն:

Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալը իրաւունքն ու պարտականութիւնն է այդտեղ ապրող քաղաքացիին եւ ո՛չ թէ Սփիւռքի մէկ անկիւնը գտնուող սալոնին կամ զովացուած իր գրասենեակին մէջ նստած անհատի մը, որ մեծ-մեծ կ’արտայատուի յանո՜ւն ժողովրդավարութեան: Այդ անհատները  լաւ կ’ըլլայ, որ հետաքրքրուին իրենց ապրած երկիրներուն ժողովրդավարութեան չափանիշով` փոխանակ մղոններ հեռու նստած աժան ժողովրդավարութիւն քարոզելու:

Հեռակայ այս քարոզները ոչ միայն օգտակար չեն, այլ նաեւ չափազանց վնասակար, երբ մանաւանդ անոնք կ’արտայայտուին պատկանելիութեամբ կասկածելի լրատուական միջոցներու ընդմէջէն, կամ շատ յաճախ աւերներ գործող ընկերային համացանցի հարթակէն, որ լաւագոյն պարագային մեր սիրելի Հայրենիքը կրնայ առաջնորդել, այսպէս կոչուած, «արաբական գարուն»-ի մը մէկ տարբերակին, որուն ցանկացողը Հայ ազգին թշնամին կամ դաւաճանը կրնայ ըլլալ միայն: 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին