Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարնները Կ՚ողողուին Լիբանանցի Եւ Օտար Այցելուներով

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ թանգարանները՝ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը ու Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը իրենց դռները լայն բացած էին աւելի քան 1000 այցելուներու դիմաց, որոնք թանգարանները կ՚այցելէին Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկի շրջագիծին մէջ։

Արդարեւ, այս առաջին տարին չէր, որ Կաթողիկոսարանի թանգարանները կը մասնակցէին «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկին, իսկ տարուէ տարի անոնց այցելուներուն թիւը աճ կ՚արձանագրէ։

Այցելուները Կաթողիկոսարանի թանգարանները ժամանած էին թէ՛ Լիբանանի զանազան շրջաններէն եւ թէ օտար երկիրներէ Լիբանան ժամանածները, որոնք եկած էին մասնակցելու «Թանգարաններու Գիշեր» համաշխարհային ձեռնարկին։ Անոնցմէ շատեր իրենց տպաւորութիւնները արձանագրած էին թանգարաններու մուտքին զետեղուած յուշատետրին մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին