Անոնք կ’առաջարկեն եւրոպացի առաջնորդներուն գալ ու անձամբ արձանագրել փաստերը:
Զատիկին նուիրուած ժամերգութիւն` մեկուսացուած Դադիվանքի` Արցախի լեռներուն մէջ: Հաւաքուածները, թէկուզ եւ կարճ ժամանակով, բայց կը մոռնան անդադրում, անվերջանալի կռիւին մասին:
«Առաջին անգամ Արցախի ղեկավարները հաւաքուած են այստեղ` Դադիվանքի մէջ, Քրիստոսի Յարութիւնը նշելու»,— ըսաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Սրբազանը: Այս մասին, ըստ «Սփութնիք»-ի, նշուած է «La Stampa» պարբերականի` Արցախի վերաբերեալ դրուագին մասին:
«Մենք կապեր ունինք Ազրպէյճանի կրօնական առաջնորդին հետ, ութ-ինը տարի առաջ հանդիպած ենք: Մենք պատրաստ ենք սատարելու խաղաղութեան ու բանակցութիւններուն: Սակայն անկախութեան հարցով զիջումներ չեն կրնար ըլլալ»,— ըսած է ան:
Կեանքի առաջին տարիներէն սկսած` արցախցի երեխաները կ’ուզեն զինուոր ու ոստիկան դառնալ ու կռուիլ իրենց երկրին համար:
«Սուրիայէն վերադարձած են բազում ժիհատականներ, որոնք կը համալրեն ազրպէյճանական բանակի շարքերը: Նորութիւն չէ, որ անոնք որպէս ազրպէյճանցի զինուոր կը քօղարկուին»,— ըսած է Արցախի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան:
Վանքի մօտ հարիւր մարդ հաւաքուած է: Անոնք իրենց հետ տօնական ուտեստներ բերած են: Այստեղ նաեւ վրան դրած է նախագահ Բակօ Սահակեան: Ան կը հրաւիրէ իտալացիները գառան խորոված համտեսելու:
«Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կ’ուզեն ներկայացնել հակամարտութիւնը որպէս զուտ կրօնական: Ոչինչ կրնայ աւելի հեռու ըլլալ ճշմարտութենէ, քան այդ պնդումը: Մենք կը կռուինք ահաբեկիչներու, այլ ոչ թէ հաւատացեալներու դէմ:
«Հիմա Իտալիան ԵԱՀԿ նախագահ է: Առաջին հերթին Իտալիոյ իշխանութենէն կ’ակնկալենք, որ անոնք գան այստեղ: Իսկ ոչ ոք այստեղ կու գայ, թէեւ բանակցութիւններուն նպատակը խնդրին առերես առնչուիլն է»,— ըսաւ Արցախի նախագահը:
Մենք կը տեղաշարժուինք սահմանի խրամատներով: Մեզի կ’ուղեկցի հարիւրապետ Գեղամը: Ան անգլերէն կը խօսի: Ան Ատրիանօ Չելենթանոյի մեծ երկրպագուն է: Մենք հողէ արահետով կը մօտենանք խրամատներուն: Եւ ահա այստեղէն կ’երեւի չէզոք գօտին: Եւ այստեղ մեզի կը հետեւին ազրպէյճանցի դիպուկահարները:
Հարիւրապետ Արմէնը 25 տարեկան է: Ան ամուսնացած է: «2016 թուականի Ապրիլին ազրպէյճանցիները յարձակեցան մեր վրայ, մենք անոնց չզիջեցանք: Ես զինուորական եմ: Չեմ վախնար մահէն»,— հպարտօրէն կ’արտաբերէ ան ու կը շօշափէ ծառայողական զէնքը:
«Մենք կ’ուզենք` ամէն ինչ խաղաղութեամբ աւարտի: Իսկ մինչեւ խաղաղութիւն չգայ, մենք պէտք է այստեղ ըլլանք»,— աւելցուց ան:
Նշենք, որ եւրոպացի լրագրողներէն իտալացիները Արցախի ամենայաճախակի հիւրերէն են: