Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի, քաղաքային կայուն զարգացման ներդրումային եւ հիւսիսային միջանցքի արդիականացման ծրագիրներու կառավարման խորհուրդի հերթական նիստը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Օրակարգային առաջին հարցով խորհուրդը հաստատած է Բագրատաշէնի մէջ Դեբեդ գետի վրայ նոր կամուրջի կառուցման շինարարական աշխատանքներու ճարտարապետական ծառայութիւններու ձեռքբերման նպատակով իրականացուած միջազգային մրցոյթի արդիւնքները եւ կնքուելիք պայմանագիրը: Մրցոյթի արդիւնքներով որակաւորուած եւ համապատասխանող մասնակից ճանչցուած է JVCA of Soosung Engineering Co., Ltd եւ Korea Consultants International Co., Ltd ընկերութիւնը:
Խորհուրդը քննարկած եւ հաստատած է հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի Թրանշ 2-ի ճարտարապետ` «Սաֆեժ Էս.Ա. եւ Էփթիսա» ՀԳ կազմակերպութեան հետ կնքուած պայմանագիրի փոփոխութիւնները, սահմանած է Թրանշ 2-ի շրջանակներուն մէջ ձեռքբերուած հողամասերու հետագայ տնօրինման կարգը: Խորհուրդը հաստատած է նաեւ «Սինոհիդրօ Քորփորէյշն Լիմիթետ» ընկերութեան հետ ստորագրուած փոխըմբռնման համաձայնագիրերը, ինչպէս նաեւ Թրանշ 2-ի, Թրանշ 3-ի գնումներու ծրագիրներուն փոփոխութիւնները եւ Թրանշ 4-ի գնումներու ծրագիրը: