Հայաստանի տարածքին Ապրիլ 15-ի ցերեկը՝ Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ, 20-ին՝ շրջաններու առաւելագոյն հատուածին մէջ անձրեւ եւ փոթորիկ, իսկ 16-էն 19՝ առանց տեղումներու եղանակ կը սպասուի: Ապրիլ 15-ին մասնաւորաբար Լոռիի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Արցախի լեռնային ու նախալեռնային գօտիներուն մէջ նախատեսուող տեղումները պիտի ըլլան թաց ձիւնի տեսքով:
Քամին կ’ըլլայ հարաւ-արեւմտեան՝ 3-8 մ/ու արագութեամբ:
Օդի ջերմաստիճանը Ապրիլ 15-ին, 16-ի գիշերը կը նուազի 3-5, Լոռի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ՝ 8-10 աստիճանով, այնուհետեւ նոյնքան կը բարձրանայ:
Երեւանի մէջ Ապրիլ 15-ի ցերեկը, 16-էն 19 կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Ապրիլ 20-ին ժամանակ առ ժամանակ կը սպասուի անձրեւ եւ փոթորիկ: