Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Կրօնական, Քաղաքական Ու Տնտեսական Ժողովներու Գումարում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին յաջորդաբար Կրօնական, Քաղաքական ու Տնտեսական ժողովներու հանդիպումներ տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

 

Կրօնական Ժողովը իր լիակատար նիստին ընտրեց դիւանը, որուն մաս կը կազմէր Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան (ատենապետ), Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան (ատենապետ), Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան (ատենադպիր) եւ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան (ատենադպիր)։ Կրօնական, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող հարցերուն առընթեր ժողովը որոշեց երիտասարդական, քրիստոնէական դաստիարակութեան ու միջ-եկեղեցական հարցերու յատուկ յանձնախումբեր յառաջացնել՝ մասնակցութեամբ թեմերու ներկայացուցիչներուն։

Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը իր ընթացիկ օրակարգերու հարցերուն առընթեր զեկոյց մը լսեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կոմէ, Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ու վերականգնումի առնչուած աշխատանքներուն գծով։

Տնտեսական յանձնախումբը ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկեց Կաթողիկոսարանի 2017 տարուան պիւտճէն ու տնտեսական ընդհանուր կացութիւնը եւ անհրաժեշտ որոշումներ առաւ ընթացիկ տարուան առնչուած։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին