Շաբաթ, 19. 07. 2025

spot_img

«Զուարթնոց» Օդակայանին Մէջ Արցախի Զբօսաշրջային Միջոցները Ներկայացնող Տեսահոլովակ կը Ցուցադրուի

ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան (ՄԵՀԶ) նախարարութեան ու ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին միջեւ ձեռքբերուած համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ Արցախի զբօսաշրջային միջոցները ներկայացնող տեսահոլովակը, արդէն մշտական հիմունքներով, կը ցուցադրուի Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ։ Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է ԱՀ ՄԵՀԶ նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեանը:

Անոր խօսքով՝ իրականացուող ծրագիրին նպատակը Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու մօտ Արցախի մասին իրազեկուածութեան մակարդակի բարձրացումն է։

Ան նաեւ նշած է, որ տեսահոլովակի ցուցադրութեան կազմակերպումը Արցախի զբօսաշրջային շուկայագիտութեան ծրագիրի՝ մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացուող ձեռնարկներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին