Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Ռ.Ա.Կ. Շուշան-Վարդենի Ակումբի Վարչութեան Գարնանային Օրերու Նուիրուած Նախաճաշը

*ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ*

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Շուշան-Վարդենի ակումբի վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկներուն մէջ աւանդութիւն դարձած է գարնանային օրերուն նուիրուած նախաճաշը, որ այս տարի տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Ապրիլ 2018-ին, Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» շքեղ սրահին մէջ:

Կիրակի, 8 Ապրիլը իսկապէս գեղեցիկ օր էր եւ տրամադրութիւնները՝ բարձր: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, հրաւիրեալները խումբ-խումբ կը հասնէին ժամադրավայր, ուր կը դիմաւորուէին Շուշան-Վարդենիի վարչականուհիներու կողմէ եւ հայկական առինքնող մեղեդիներու տակ կ’առաջնորդուէին իրենց բաժին ինկած սեղանները:

Ընկ.հի Մակի Մարկոսեան

Թէքէեան Կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահը այդ առաւօտ դարձած էր աւելի գեղեցիկ: Եւ արդարեւ մինչ կը շարունակուէին գաղջ զրոյցները, բարի գալուստի յատուկ խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Շուշան-Վարդենի ակումբի վարչութեան ատենապետուհի ընկերուհի Մակի Մարկոսեանը: Ան ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին՝ մասնաւորելով ներկայութիւնը ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներուն՝ իրենց տիկիններով, Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակից ՌԱԿ-ի թեկնածուներուն՝ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկ. Արա Գոյունեանի եւ տիկ. Ալինա Կիւլվանէսեան- Տագէսեանի:

Տիկ. Ալինա Կիւլվանէսեան – Տագէսեան

Ընկերուհի Մարկոսեան իր խօսքի աւարտին հպարտութեամբ յիշեց, որ Ապրիլ եւ Մայիս ամիսները իրենց գարնանային օրերով հայ ժողովուրդին համար յարութեան, վերականգնումի, վերազարթօնքի եւ փառապանծ յաղթանակներու ամիսներ են,  Հայոց պետականութեան վերականգնումի 100-ամեակն է: Մեր մաղթանքն է, որ յառաջիկայ Մայիս 7-ին ցնծութեան մէջ նշենք ՌԱԿ-ի երեսփոխաններուն յաղթանակը: Ապա ընկերուհի Մարկոսեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց  ՌԱԿ-ի թեկնածուները, որպէսզի իրենց սրտի խօսքը փոխանցեն ներկայ բազմութեան:

ՌԱԿ-ի Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի թեկնածուներ ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեան եւ տիկ. Ալինա Կիւլվանէսեան-Տագէսեան, ինչպէս նաեւ «Մեթնը Լիբանանի Սիրտը» խմբակցութեան թեկնածու ընկ. Արա Գոյունեան մէկ առ մէկ ներկայացուցին իրենց գործունէութեան ծրագիրները եւ բարձրաձայն յայտարարեցին, որ երբ երեսփոխան ընտրուին, պիտի ջանան անսակարկ ծառայել Մայրիներու երկրին, անոր ազնիւ ժողովուրդին ու յատկապէս լիբանանահայութեան: Հեռու պոռոտախօսութենէ, հեռու հատուածական շահէ, ՌԱԿ-ի թեկնածուները երդուեցին, որ պիտի գործեն յանուն ժողովուրդին, լիբանանահայ ժողովուրդին:

Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան

ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Աւետիս Տագէսեանէն տեղեկացայ, որ յառաջիկայ Ապրիլ 29-ին ՌԱԿ-ը պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք մը, ուր ՌԱԿ-ի թեկնածուները իրենց երեսփոխանի գործունէութեան մանրամասնեալ ծրագիրները պիտի ներկայացնեն հանրութեան:

Ընկ. Արա Գոյունեան

Պէտք է ուրախութեամբ եւ գնահատանքով արձանագրել, որ նախաճաշի կազմակերպիչները ջանք չէին խնայած, որպէսզի ձեռնարկը ընթանար անթերի եւ կատարեալ: Այս ուղղութեամբ ալ անոնք կը վազվզէին մեղուներու նման: Իսկ բարձրորակ ու բարձրաճաշակ երգն ու երաժշտութիւնը պահը կը դարձնէին առաւել երփներանգ: Իր բովանդակութեամբ իսկապէս հիանալի էր ձեռնարկը:

Վարձքերնիդ կատար, սիրելի՛ Շուշան-Վարդենիցիներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին