Ս. Փեթերսպուրկի Տաւրիտեան պալատին մէջ Ապրիլ 12-ին մեկնարկած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի (ՀԱՊԿ ԽՎ) խորհուրդի նիստի աշխատանքը, որուն մասնակցած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեանը:
Նիստին մասնակցած են նաեւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովը, Պելառուսի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Ռուսաստանի, Տաճիկստանի խորհրդարաններու ղեկավարները:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութենէն, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեանի առաջարկով ՀԱՊԿ ԽՎ խորհուրդի եւ վեհաժողովի յաջորդ լիագումար նիստերը տեղի կ’ունենան Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 29-30:
ՀԱՊԿ ԽՎ նախագահ, ՌԴ ԴԺ Պետական մարմինի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի նախագահութեամբ քննարկուած են ՀԱՊԿ ԽՎ գործունէութեան առնչուող շարք մը հարցեր, մասնաւորապէս ՀԱՊԿ ԽՎ խորհուրդի Մինսքի նստաշրջանի արդիւնքները, կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիի իրադրութեան եւ արդի ժամանակներու հաւաքական անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն եւ սպառնալիքներուն հակազդելու միջոցներուն, 2018 թուականին ՀԱՊԿ-ի մէջ Ղազախստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն, ՌԴ նախագահի ընտրութիւններուն միջազգային դիտորդական առաքելութեամբ ՀԱՊԿ ԽՎ պատուիրակութիւններու մասնակցութեան, ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ազգային օրէնսդրութիւններու համապատասխանեցման եւ ներդաշնակեցման հարցին մէջ 2016-2020 թուականներու ՀԱՊԿ ԽՎ գործունէութեան ծրագիրի մէջ փոփոխութիւններ ու լրացումներ կատարելուն վերաբերող, օրակարգային այլ հարցեր:
«ԵԱՀԿ ԽՎ ձմեռնային նստաշրջանին (22-23 Փետրուար 2018, Վիեննա) ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու խորհրդարանական պատուիրակութիւններու մասնակցութեան արդիւնքներու եւ ԵԱՀԿ ԽՎ ամառնային նստաշրջանին ընդառաջ (7-11 Յուլիս, 2018, Պեռլին) կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարանական պատուիրակութիւններու գործողութիւններու համակարգման վերաբերեալ» հարցը քննարկման ներկայացուցած է ՀԱՊԿ ԽՎ քաղաքական հարցերու եւ միջազգային համագործակցութեան մշտական յանձնաժողովի նախագահ, ՀՀ ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Խոսրով Յարութիւնեան: