ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ապրիլ 12-ին հանդիպած է Պելառուսի Ազգային ժողովի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Վլատիմիր Անտրէյչենքոյի հետ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ ԱԺ հանրային կապերու վարչութենէն, ՀՀ խորհրդարանի ղեկավարը դրական գնահատած է հայ-պելառուսական քաղաքական երկխօսութեան ներկայ մակարդակն ու երկու ժողովուրդներուն միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական կապերը: Արա Պապլոյեան երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ առանձնապէս կարեւորած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը, ինչպէս նաեւ օրէնսդիր մարմիններու փոխգործակցութիւնը միջազգային խորհրդարանական հարթակներուն վրայ: ՀՀ ԱԺ նախագահը անդրադարձած է նաեւ ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան հարցերուն:
Վլատիմիր Անտրէյչենքոն ընդգծած է, որ Պելառուսը ջերմութեամբ եւ եղբայրական զգացումներով կը վերաբերի հայ ժողովուրդին: Երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման հարցին մէջ ան կարեւորած է միջխորհրդարանական յանձնաժողովի դերը:
Ընդգծելով, որ Հայաստանը եւ Պելառուսը տնտեսական համագործակցութեան մեծ ներուժ ունին՝ զրուցակիցները յիշեալ թեմայի ծիրէն ներս քննարկած են շարք մը ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ գործակցութիւնը զարգացնելու հնարաւորութիւնները: