Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

«Տոքթ. Յարութիւն Եւ Վերոնիք Կարեւորեան» Հիմնադրամի Մշակութային-Կրթական Յատկացումները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնած ու գլխաւորած «Տոքթ. Յարութիւն եւ Վերոնիք Կարեւորեան» հիմնադրամը այս տարի եւս մշակութային ու կրթական ծրագիրներու յատկացումներ կը կատարէ։

Ֆրանսերէն գիրքի մը հրատարակութեան առընթեր, հիմնադրամը ֆրանսական թեքում ունեցող հետեւեալ դպրոցներուն որոշած է յատկացումներ կատարել.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց Վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան եւ Ազգային Միացեալ Վարժարան։

Յայտնենք, որ սոյն հիմնադրամի յանձնախումբին մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Տիկ. Վերոնիք Կարեւորեան եւ Տիկ. Միմի Եոզկաթեան։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին