Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Վանի Կուսական Գեղեցկուհին. Թրքական Կայքը Անդրադարձը Կտուց Կղզիին

Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը յատուկ անդրադարձ կատարած է այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Վանի նշանաւոր Կտուց կղզիին, որ այսօր Չարփանաք կը կոչուի: Ըստ թուրք լրագրողին` Կտուց կղզին Վանի կուսական գեղեցկութիւնն է եւ յատկապէս հրաշալի է գարնանային այս եղանակին, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը:

Ժամանակին ամբողջովին հայերով բնակեցուած կղզին կը գտնուի Վանի նահանգի Տուշպայ շրջանի տարածքին` Վանայ լիճի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ:

Թէեւ Վանի խորհրդանիշներէն մէկը կը համարուի Աղթամար կղզին` իր Սուրբ Խաչ վանքով, Կտուց կղզին նոյնպէս ամէն տարի կը հիւրընկալէ բազմաթիւ տեղացիներ եւ զբօսաշրջիկներ:

Տեղի բնակիչները լրագրողներուն պատմած են, որ իրենց ձկնորսական նաւերով կը պտըտցնեն զբօսաշրջիկներ լիճին մէջ, որ մեծ մաս գիւղացիներու համար եկամուտի կարեւոր աղբիւր դարձած է:

Կղզիին մօտակայքի գիւղերէն մէկուն բնակիչ Ֆեւզի Եըլտըրըմը շեշտած է, որ հիւրերը յատկապէս կը հիանան կղզիի վանական համալիրի գեղեցկութեամբ:

Կղզիին մէջ կանգուն է Կտուց անապատի համալիրը, որ, ըստ աւանդութեան, հիմնադրած է Գրիգոր Լուսաւորիչը:

Յայտնի է, որ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբ այստեղ գործած են հիւրանոցներ ու օթեւաններ, որոնք կը կոչուէին «Դրսի տունք» եւ կառուցուած էին լճափին: Կղզին, սակայն, ամայացած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին