Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

«Նուբար» Հայ Աւանդական Երգի-Պարի Խումբը Կը Ներկայանայ «Մեր Համշէնը» Համերգային Ծրագիրով

Ապրիլ 16-ին Յակոբ Պարոնեանի անուան կատակերգութեան պետական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Նուբար» հայ աւանդական երգի-պարի խումբի «Մեր Համշէնը» համերգը: Ծրագիրին մէջ բացառապէս համշէնական երգեր եւ պարեր են, որոնք Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ամբողջական համերգային ծրագիրով պիտի ներկայացուին «Նուբար» խումբի կատարմամբ, կը հաղորդէ «Mamul.am»-ը:

«Նուբար» հայ աւանդական երգի-պարի խումբը կը գործէ 2006-էն: Ստեղծման օրէն ի վեր խումբը ունեցած է համերգային աշխոյժ գործունէութիւն, ստեղծած է ընդգրկուն ծրագիր, որուն հիմնական մասը կը կազմեն խումբի բանահաւաքչական աշխատանքներու արդիւնքով յայտնաբերուած եւ տարբեր տարիներու ընթացքին տպագրուած, բայց չկատարուած երգերը:

«Նուբար» խումբը արդէն չորրորդ տարին է, որ կը մասնակցի Հայաստանի ազգագրական երգի-պարի ամէնամեայ «Գութան» փառատօնին: Խումբին նպատակն է պահպանել եւ տարածել հայկական ազգային աւանդական երգն ու պարը, փոխանցել սերունդէ-սերունդ:

«Նուբար» խումբը կ’անդրադառնայ բոլոր տարածաշրջաններու ժողովրդական երաժշտական ստեղծագործութիւններուն, որոնց մէջ զգալի եւ կարեւոր տեղ կը գրաւեն Համշէնի երգերն ու պարերը: Խումբը այս տարիներու ընթացքին այդ երգերն ու պարերը պարբերաբար ներկայացուցած է հանրութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին