ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութիւնը Արցախի մէջ սկսած է B&B կարգի հիւրատուներու զարգացման ծրագիրի մշակումը:
Զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեանի խօսքով` ծրագիրի առաջին փուլին մէջ ընդգրկուած է Մարտակերտի ու Շահումեանի շրջաններու մինչեւ 15 համայնք:
«Ատոնք ընտրուած են, քանի որ կը գտնուին հիւսիսային զբօսաշրջային երթուղիին վրայ: Ծրագիրը պիտի իրականացուի «Հայաստանի Փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ազգային կեդրոն» (ՓՄՁ ԶԱԿ) հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ Արցախի ներդրումային հիմնադրամին հետ համագործակցութեամբ:
ՓՄՁ զարգացման ազգային կեդրոնին հետ արդէն համաձայնութիւն կայ համապատասխան մասնագէտներու ներգրաւման հարցով»,- ըսած է Ա. Գրիգորեան` աւելցնելով, որ համայնքներու այն բնակիչները, որոնց համար հետաքրքրական է այս ծրագիրը, պիտի ունենան համապատասխան դասընթացքներ` հետագային համայնքներուն մէջ հիւրատուներու ծառայութիւնը արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար:
Պատասխանատուի հաղորդմամբ` B&B կարգի հիւրատուներու հիմնումը Արցախի մէջ նախադրեալներ կը ստեղծէ նաեւ Ecotourism-ի զարգացման համար: