Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան Ապրիլ 11-ին աշխատանքային հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան ակադեմիոյ նախագահ Սերկէյ Առաքելեանի հետ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ դատական բաժանմունքի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութենէն, աշխատանքային քննարկման ընթացքին Գագիկ Յարութիւնեան կարեւորած է Արդարադատութեան ակադեմիոյ հետ կառուցողական համագործակցութիւնը՝ դատաւորներու թեկնածուներու պատրաստման, որակաւորման բարձր մակարդակի ապահովման, ինչպէս նաեւ դատաւորներու վերապատրաստման հետ կապուած հարցերուն մէջ:
Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահը առաջարկած է Սերկէյ Առաքելեանին ուսուցման գործընթացին մէջ տեսական եւ գործնական փուլերը դարձնել աւելի զուգորդուած, նպատակային, մշակել գիտելիքներու լիարժէք բացայայտման քննական ձեւաչափ:
Հանդիպման ընթացքին Գագիկ Յարութիւնեան առաջարկած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել քննութիւններու արդիւնքներու բողոքարկման ազդակներու իրականացման, գնահատման եւ բողոքարկման յանձնաժողովներու աշխատանքին որեւէ անձնական միջամտութեան:
Սերկէյ Առաքելեան իր կողմէ պատրաստակամութիւն յայտնած է հետագայ համագործակցութեանց համար: