Ուրբաթ, 08. 12. 2023

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի Մայրերու Վարչութեան «Թի Թայմ» Միջոցառումը

Ուրբաթ,  6 Ապրիլ 2018-ի յետմիջօրէի ժամը  5-ին,  ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի  Մայրերու Վարչութեան կազմակերպութեամբ, մօտ  երկու հարիւր  հիւրերու, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի տարբեր մասնաճիւղերու անդամուհիներու ներկայութեան ՀԲԸՄ-ի  Տեմիրճեան  կեդրոնին   մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական   «Թի Թայմ»  միջոցառումը:

ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Անթիլիասի  Մայրերու Վարչութեան ատենապետուհի  Մայտա Քիւրեճեան բարի գալուստ եւ  հաճելի  ժամանց մաղթեց ներկաներուն՝ զանոնք ծանօթացնելով վարչութեան  ծրագիրներուն, որոնցմէ առանցքային է սկաուտական եւ երիտասարդական շարժումներուն սատարումը: Ան խօսքը տուաւ միջոցառման յատուկ հրաւիրուած՝ տիկին Սոնիա Զաւզաւաթճեանին՝ փոխանցելու  օրուան պատգամը: Նշենք, որ տիկին Սոնիա Զաւզաւաթճեան ծանօթ  անուն մը  դարձած է աւելի  քան  երեսունհինգ տարիներէ   ի վեր՝ բժշկական, հոգեբանական եւ  այլ  միջոցներով  ծառայութիւններ մատուցելով քաղցկեղով տառապող հիւանդներուն: Ան բազմաթիւ մարդասիրական  միջազգային կազմակերպութիւններու անդամ է միաժամանակ:  Տիկին  Զաւզաւաթճեան իր  տպաւորիչ   ելոյթով   համակեց ներկաները:

Այս առիթով, Մայրերու  Վարչութեան ատենապետուհի Մայտա  Քիւրեճեան  ՀԵԸ-ի երախտագիտական  յուշանուէրով եւ փունջ մը  ծաղիկով պատուեց   տիկին Սոնիա Զաւզաւաթճեանը, առ ի գնահատանք անոր անհամար   ծառայութիւններուն:

Ներկաները  ճոխ   սեղաններու շուրջ  ըմբոշխնեցին   հաճելի ժամեր: Տեղի ունեցաւ  վիճակահանութիւն: Բախտաւորները   շահեցան արժէքաւոր նուէրներ:

Վարձքը կատար  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Մայրերու  Վարչութեան:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին