Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Արցախի Նոր Կարմիրաւանի Մէջ Հնագէտները կը Շարունակեն Այնտեղ Յայտնաբերուած Մարդակերպ Կոթողներու Ուսումնասիրութիւնը

Արցախի Մարտակերտի շրջանի Նոր Կարմիրաւան գիւղի տարածքին վրայ մեկնարկած են 2018 թուականի պեղումները:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի Արցախի հնագիտութեան խումբի անդամ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նժդեհ Երանեան նշած է, որ այս տարուան Նոր Կարմիրաւանի պեղումները 2016 թուականի հետախուզական պեղումներու շարունակութիւնն են: «Այս կոթողները յայտնաբերուած են 2016 թուականին, որմէ ետք տեղուոյն վրայ սկսած են հետախուզական պեղումներ, պարզելու` արդեօք կոթողները կը գտնուի՞ն իրենց կանգնեցման նախնական վայրը, թէ ոչ»,- ըսած է ան:

Նժդեհ Երանեանի խօսքով` մարդակերպ կոթողներու գիտական հետազօտութիւնը Արցախի Տիգրանակերտի եւ շրջակայքի ուսումնասիրութեան մաս կը կազմէ: Արցախի մէջ ներկայիս յայտնի են շուրջ երեք տասնեակ նմանատիպ մարդակերպ կոթողներ: Վերջինները, սակայն, կը գտնուին տեղաշարժած վիճակի մէջ: «Նոր Կարմիրաւանի մարդակերպ կոթողներուն հետազօտութիւնը, անոնց հնագիտական միջավայրի վաւերացումը կը պատասխանեն այս կոթողներուն վերաբերեալ շարք մը կարեւոր հարցերու: Կոթողներուն ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է ինչպէս Արցախի եւ Ուտիքի, այնպէս եւ Կովկասի եւ ողջ Առաջաւոր Ասիոյ ՔԱ. 1-ին հազարամեակի պատմութեան եւ մշակոյթին համար: Հետեւաբար, անոնց ուսումնասիրութիւնը եւ ներկայացումը Արցախի վրայ կը գրաւէ տարածաշրջանով հետաքրքրուող այլ մասնագէտներու եւ լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը եւս»,- աւելցուցած է ան:

Նոր Կարմիրաւանի մէջ պեղումները պիտի շարունակուին մինչեւ Ապրիլի վերջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին