Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը

Երեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, բաղկացած հետեւեալ անձերէն.- Քրիստոֆըր Հիլ եպիսկոպոս՝ նախագահ խորհուրդի, մեթրոպոլիտ Էմմանուէլ ու Քարին Պըրս Թրէնտ եպիսկոպոս՝ փոխնախագահներ եւ Դոկտ. Հայքի Հիւթընըն՝ ընդհանուր քարտուղար։

Այցելութեան նպատակն էր իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտը, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող խնդիրներուն շուրջ։ Հայրապետը իր մտածումներն ու արժեւորումը փոխանցեց ներկաներուն՝ յատկապէս շեշտելով եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու անոնց կրթական ու ընկերային ծրագիրներուն օժանդակելու եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամուր հիմերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան նաեւ առաջարկեց Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու խորհուրդներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը։

Յայտնենք, որ հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։

Վեհափառ Հայրապետին հետ իրենց ունեցած երկար հանդիպումէն ետք հիւրերը այցելեցին Մայր Տաճար, Սրբոց Նահատակաց մատուռ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի յուշակոթող եւ իրենց խոր տպաւորութիւնը բաժնեցին ներկայ միաբան հայրերուն հետ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին