ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան, ղեկավարուելով «Պետական կառավարման համակարգի մարմինների մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 10-րդ մասով՝ Միքայէլ Յարութիւնեանը նշանակած է գլխաւոր ռազմական տեսուչի պաշտօնակատար։ Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ կառավարութենէն, Կարէն Կարապետեանի միւս որոշումներով Միքայէլ Արզումանեան նշանակուած է գլխաւոր ռազմական տեսուչի տեղակալի պաշտօնակատար, իսկ Գարեգին Գաբրիէլեանը՝ գլխաւոր ռազմական տեսուչի առաջին տեղակալի պաշտօնակատար: