Եւրոպական Միութիւնը պիտի աւելցնէ Հայաստանին տրամադրուող ֆինանսական աջակցութիւնը` «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրի արդիւնաւէտ իրականացումը ապահովելու նպատակով: Ազգային ժողովին մէջ ՀՀ-ՌՄ համաձայնագիրը վաւերացնելու հարցի քննարկման ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեան:
«2017-2020 թուականներու համար Հայաստանին պիտի տրամադրուի Եւրոմիութեան օժանդակութեան ծրագրուած ծաւալը, որ պիտի կազմէ մօտաւորապէս 170-175 միլիոն եւրօ»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ նշած է փոխնախարարը:
Ան տեղեկացուցած է, որ Եւրոմիութեան կողմէ հաստատուած է համապատասխան փաստաթուղթը, որ կը կրէ «Միասնական ֆինանսական աջակցութիւն» խորագիրը: