ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 9-ին ստորագրած է առաջին հրամանագիրը՝ ՀՀ կառավարութեան հրաժարականը ընդունելու մասին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ Արմէն Սարգսեան աւելի կանուխ հանդիպած էր վարչապետ Կարէն Կարապետեանին:
ՀՀ Սահմանադրութեան համաձայն՝ կառավարութեան անդամները կը շարունակեն իրենց պարտականութիւններոււ կատարումը մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը:
Ապրիլ 9-16-ը ՀՀ վարչապետի թեկնածուի առաջադրման ժամկէտն է, իսկ Ապրիլ 17-ին խորհրդարանը բաց անուանական քուէարկութեամբ կ’ընտրէ ՀՀ վարչապետը: Կառավարութիւնը կը կազմաւորուի վարչապետ նշանակուելէ ետք, տասնհինգօրեայ ժամկէտի մէջ: Իր նշանակումէն ետք վարչապետը հնգօրեայ ժամկէտի մէջ Հանրապետութեան նախագահին կ’առաջարկէ փոխվարչապետներու եւ նախարարներու թեկնածուներուն: Հանրապետութեան նախագահը եռօրեայ ժամկէտի մէջ կամ կը նշանակէ փոխվարչապետներուն եւ նախարարներուն, կամ կը դիմէ Սահմանադրական դատարան: Սահմանադրական դատարանը դիմումը կը քննէ ու որոշում կը կայացնէ հնգօրեայ ժամկէտի մէջ: Եթէ Հանրապետութեան նախագահը եռօրեայ ժամկէտի մէջ չի կատարեր սոյն յօդուածով սահմանուած պահանջները, ապա համապատասխան փոխվարչապետը կամ նախարարը նշանակուած կը համարուի իրաւունքի ուժով:
Կառավարութեան կազմաւորումէն ետք քսանօրեայ ժամկէտի մէջ վարչապետը Ազգային ժողով կը ներկայացնէ կառավարութեան ծրագիրը: