Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Առաջին Անգամ Ըլլալով ՀՀ Բանակը Զօրավարժութիւն Կատարած է Սահմանագիծի Պահպանութեան Տեղամասին Մօտ

Հայկական բանակը նախորդ շաբաթ անակնկալ ու յանկարծակի զօրավարժութիւն կատարած է Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծին մօտ։ ՀՀ Զինուած ուժերու Երկրորդ բանակային զօրասիւնի ստորաբաժանումները՝ առաջին անգամ ըլլալով սահմանագիծի անմիջական պահպանութեան տեղամասին մօտ, լեռնային պայմաններու մարտական հնարաւոր յարձակման գործողութ՚իւններու զսպման զօրավարժութիւններ կատարած են, որոնց հետեւած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը եւ բանակի գլխաւոր անձնակազմի պետ զօրավար Մովսէս Յակոբեան։

Զօրավարժութեան ընթացքին ՀՀ զինուած ուժերը կասեցուցած է թշնամիի յանկարծակի յարձակումը եւ ոչնչացուցած վերջինիս ստորաբաժանումները՝ կիրարկելով ռազմական նոր սարքեր:

Բացի զօրքերու պատրաստուածութեան ստուգումէն, զօրավարժութեան նպատակներէն մէկը եղած է նաեւ Քարվաճառի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ Սոթք-Քարվաճառ մայրուղիի անվտանգութեան ապահովման ստուգումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին