Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

«Անոնց Միակ Ցանկութիւնը Իրենց Մայրենին Չկորսնցնելն Է». Թրքական Կայքին Անդրադարձը Համշէնահայութեան

Թրքական ամենաընթերցուող ժամանցային կայքերէն «onedio.com»-ը յատուկ անդրադարձ մը հրապարակած է համշէնցի հայերու մասին` մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրելով անոնց խնդիրներուն, ծագման ու աւանդոյթներուն վերաբերեալ բազմաթիւ հարցերու վրայ, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը:

«Մայրենին կորսնցնելու վտանգին տակ գտնուող սեւծովեան ժողովուրդ մը. Համշէնցիներ» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը նշուի, որ համշէնցիները իսլամացուած են դարեր առաջ` Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին: Նիւթին հեղինակները ընդգծած են, որ թէեւ Թուրքիոյ մէջ համշէնցիներու էթնիկ ծագման վերաբերեալ տարակարծութիւնները շատ են` առկայ են օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր, ուր համշէնցիները կը յիշատակուին որպէս կրօնափոխ հայեր:

Նիւթին մէջ նոյնիսկ կցուած է տուեալ արխիւային փաստաթուղթին պատճէնը, որ աւելի առաջ հրապարակուած էր «Ակօս» հայկական պարբերականին կողմէ:

Յօդուածին հեղինակները կ’ենթադրեն, որ այժմ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ կ’ապրի մօտ 300, 000 համշէնցի:

Նշուած են նաեւ անոնց հիմնական բնակավայրերը. արեւելեան համշէնցիները հիմնականօրէն կեդրոնացած են Արդվինի Խոփա, Քեմալփաշայ, Պորչկայ շրջաններուն մէջ, իսկ արեւմտեան համշէնցիները` Ռիզէի Հէմշին, Չամլըհէմշին եւ Չայելի շրջաններուն մէջ, որոնք ալ կը կազմեն պատմական բուն Համշէնի տարածքը:

Ի դէպ, հայերէն կը խօսին հիմնականօրէն արեւելեան համշէնցիները` Արդվինի գիւղերուն մէջ ապրող մօտ 30-40 հազար համշէնահայ:

«Իրականութեան մէջ անոնց գործածած լեզուն յայտնի է որպէս արեւմտահայերէնի բարբառներէն մէկը: Եկէ՛ք, մէկ կողմ դնենք անոնց հայ կամ թուրք ըլլալը. այս ժողովուրդի միակ ցանկութիւնը իրենց մայրենին չկորսնցնելն ու եկող սերունդներուն փոխանցելն է»,– կը գրէ կայքը:

Յիշեցնենք, որ Համշէնի հայկական բարբառը UNESCO-ի կողմէ դասուած է վերացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու շարքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին