Թուրքիոյ հայ համայնքը համացանցի մէջ յատուկ տեսանիւթի միջոցով կոչ մը հրապարակած է` պահանջելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի հրաժարականը, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը:
«Ոչ թէ, այսպէս կոչուած, փոխանորդ, այլ ընտրուած պատրիարք կ’ուզենք», «Աթէշեա՛ն, հրաժարի՛ր» կոչերով շարք մը պոլսահայ երիտասարդներ, մտաւորականներ, հասարակական ու մշակութային գործիչներ տեսանիւթին մէջ իրենց բողոքը յայտնած են Աթէշեանի գործունէութեան դէմ` պահանջելով անյապաղ պատրիարքի ընտրութիւններու կազմակերպումը:
Շաբաթներ առաջ պոլսահայ համայնքը ստորագրահաւաք սկսած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ազատ ընտրութիւն իրականացնելու պահանջով:
Ստորագրահաւաքով համայնքի անդամները կը պահանջեն չխախտել ազատ ընտրութեան իրենց օրինական իրաւունքն ու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վերանշանակուած Արամ Աթէշեանի փոխարէն ընտրել համայնքի վստահութեան արժանացած նոր պատրիարք: