Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

«Հայ ընտանիքի Ոդիսականը. Շարունակականութիւն Եւ Կորուստ» Ցուցադրութիւնը Կլենտէյլի Մէջ

Մարտ 24-ին Կլենտէյլի (Լոս Անճելըս) Պրէնտ պուրակի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ լուսանկարիչները Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ անոր շուրջը» թեմայով գիտաժողով մը, որուն նախաձեռնողն էր փիլիսոփայութեան փրոֆէսոր Արմէն Մասրուբեանը:

Գրադարանի ցուցասրահին մէջ նոյն օրը բացուեցաւ նաեւ «Հայ ընտանիքի ոդիսականը. շարունակականութիւն եւ կորուստ» ցուցադրութիւնը, ուր ներկայացուած են Դիլդիլեան ընտանիքի լուսանկարչական աշխատանքները:

Արմէն Մասրուբեանի մեծ հայրն ու մեծհօր եղբայրը՝ Ցոլակ եւ Արամ Դիլդիլեան լուսանկարիչներն էին, որոնք յաճախած են Մարսովան գիւղի «Անատոլիա» հանրայայտ գոլէճ: Մասրուբեանը իր ընտանիքէն ժառանգած է աւելի քան 600 լուսանկար եւ ապակեայ negative-ներ, որոնց մեծ մասը առնուած են 1910-1922 թուականներուն:

Ցուցադրութիւնը պիտի գործէ մինչեւ Ապրիլ 27:

Նշենք, որ այդ ցուցադրութենէն ներկայացուող՝ 1910 թուականին առնուած ուշագրաւ լուսանկարը կը պատկերէ «Անատոլիա» գոլէճի լսողութեան խանգարում ունեցող հայ երեխաները, որոնք հայելիներու միջոցով կը սորվին ճիշդ արտաբերել հնչիւնները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին